2013-08-01 13:05:12

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց յիսուներրորդ ­ Աստուած եւ Ծէսը 3

Հարցում թիւ 180. Ինչու՞ կը նկատենք ծէսը որպէս աստուածային ծառայութիւն մը։
Աստուածային ծառայութիւն մը նախ եւ առաջ ծառայութիւն մըն է որ Աստուած մեզի կը մատուցանէ, եւ ապա` ծառայութիւն մը որ մենք կը մատուցանենք Աստուծոյ։ Սրբազան նշաններու ներքեւ` Աստուած ինքզինք կը նուիրէ մեզի, որպէսզի մենք եւս նոյնը կատարենք, այսինքն մենք մեզ իրեն նուիրենք առանց չափի։
Յիսուս ներկայ է իր խօսքին մէջ, ինչպէս նաեւ խորհուրդին մէջ։ Աստուած ներկայ է։ Այս է առաջինը եւ ամենակարեւորը ամէն պատարագի ծիսակատարութեան մէջ։ Մենք վերջը կու գանք։ Յիսուս կը նուիրէ իր կեանքը մեզի համար, որպէսզի մենք եւս նուիրենք իրեն մեր կեանքի հոգեւոր զոհը։ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին մէջ` Քրիստոս կը նուիրէ ինքզինք մեզի, որպէսզի մենք եւս նուիրենք մենք մեզ իրեն։ Ձեւով մը Քրիստոսի կու տանք բաց դրամանիշ մը (chèque blanc) մեր կեանքի վերաբերեալ։ Այսպէսով կը մասնակցինք զոհաբերումին Քրիստոսի, որ մեզ կը փրկէ եւ կը փոխակերպէ։ Մեր այստեղուայ կեանքը լուսարձակուած է դէպի Աստուծոյ արքայութիւնը. Աստուած կրնայ յառաջ տանիլ իր կեանքը` մեր կեանքին մէջ։
Հարցում թիւ 181. Ինչու՞ այնքան նշաններ եւ խորհրդանիշներ կան կրօնական արարողութիւններուն մէջ։
Աստուած լաւ գիտէ որ մենք միայն հոգեւոր էակներ չենք այլ նաեւ մարմնաւոր. Ուստի պէտք ունինք նշաններու եւ խորհրդանիշերու, որպէսզի կարենանք ըմբռնել եւ արտայայտել հոգեւոր եւ ներքին իրականութիւնները։
Վարդերով, մատանիով, սեւ զգեստով, պատերու վրայի գրութիւններով կամ կարմիր ժապաւէնով Սիտայի հլւանդութեան դէմ, մենք կը յայտնենք միշտ ներքին զգացումներ` արտաքին նշաններով, որոնք մեզի թոյլ կու տան հասկցուելու ուրիշներէն։ Աստուած որ մարմին առաւ եւ միացաւ մարդկութեան` մեզի կը շնորհէ մարդկային նշաններ, որոնցմով ան կ՛ապրի ու կը գործէ մեր մէջ. Ասոնք են հացը եւ գինին, մկրտութեան ջուրը, Սուրբ Հոգւով օծումը։ Մեր պատասխանը Աստուծոյ նուիրական նշաններուն կ՛արտայայտուի յարգանքի արտաքին նշաններով, որոնք են ծունկի գալը, ոտքի ելլելը Աւետարանի ընթերցման ատեն, խոնարհիլը, ձեռքերը միացնելը։ Եւ, ինչպէս որ կը կատարենք պսակի առթիւ, կը զարդարենք Աստուծոյ ներկայութեան վայրը այն ամէն բանով որ գեղեցիկ է. Ծաղիկներ, մոմեր եւ երաժշտութիւն։ Սակայն այս նշանները երբեմն կը կարօտին բացատրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.